2015-09-22 11:25:00

Քուպայէն` Ուաշինկթըն Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 22 սեպտեմբերին վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 10-րդ ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը որ ընդգրկեց `Քուպայի երեք եկեղեցական թեմեր` Լա Հապանա, Հոլկին եւ Սանթիակօ, ու սկիզբ կ՛առնէ առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու հովուական այցելութիւնը որուն բնաբանն է ''Սէրը մեր առաքելութիւնն է'' եւ որ պիտի եզրափակուի Կիրակի` 27 սեպտեմբերին¬, Ֆիլատելֆիայի մէջ ընտանիքներու 8-րդ հաւաքի եզրափակիչ սուրբ պատարագով։ 
Երեքշաբթի` 22 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7,30-ին (Հռոմի ժամով 13,30-ին) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով Սանթիակօ Տէ Քուպայի Մեծն Սուրբ Բարսեղի նորընծայարանէն, կ՛ուղղուի մօտակայ ''Վիրկէն Տէ լա Քարիտատ'' Մարեմեան սրբավայրը ուր ժամը 8-ին (Հռոմի ժամով 14-ին) Սրբավայրի պազիլիքային մէջ կը մատուցէ Տիրամօր ջերմեռանդական սուրբ պատարագը, երախտագիտութիւն յայտնելով Աստուածամօր եւ աղօթելով խաղաղութեան համար։ 
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով կ՛ուղղուի Սանթիակոյի աթոռանիստ եկեղեցի որ կը գտնուի 19 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ որ նուիրուած է ''Աւետման'' ու կառուցուած 19-րդ դարուն։ 
Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Պապը հանդիպում կ՛ունենայ Քուպայի ընտանիքներուն հետ։ Հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ Սանթիակոյի Արքեպիսկոպոսի արտասանած ողջոյնի խօսքով որմէ ետք Քուպացի ընտանիք մը կը ներկայացնէ վկայութիւն մը հուսկ աւետարանական ընթերցումներ կը կատարուին ու  խօսք կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Պապը։ 
Հանդիպումը կ՛եզրափակուի Հայր Մեր աղօթքով եւ Սրբազան Քահանայապետին ներկաներուն ու քաղաքին շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։ 
Ընտանիքներուն հետ Քահանայապետին ունեցած այս հանդիպումը կ՛ուզէ յատկանշել առաքելական այս 10-րդ ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակը որ է  Ֆիլատելֆիայի Ընտանիքի Համաշխարհային 8-րդ հաւաքը որ սկիզբ կ՛առնէ այսօր` 22 սեպտեմբերին եւ վերջ կը գտնէ 27 սեպտեմբերին։ 
Ընտանիքներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Սանթիակօ Տէ Քուպայի օդակայան ուր բարի երթի պաշտօնական արարողութեան աւարտին Ան կը բարձրանայ Ալիթալիայի օդանաւային ընկերութեան սաւառնակ ուղղուելով  Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք` Ուաշինկթըն  ուր կը ժամանէ 3,30 ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք տեղական ժամով 12,30-ին (Հռոմի ժամով 18,30) ։ 
Ուաշինկթընի ''Անտրիու Էր Ֆորս Պէյզ'' օդակայանին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը  դիմաւորուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Պարաք Օպամայի ու անոր կողակից Միշել Օպամայի կողմէ ներկայութեամբ եկեղեցական եւ քաղաքական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու որոնց շարքին Միացեալ Նահանգներու մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Քարլօ Մարիա Վիկանօ։
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ նախագահ Օպամա առանձնական հակիրճ հանդիպում կ՛ունենան կարեւոր հիւրերու վերապահուած օդակայանի սրահին մէջ, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը կ՛ուղղուին Միացեալ նահանգներու առաքելական նուիրակութիւն վերջ տալով առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ օրուան, 22 սեպտեմբերի յայտագիրին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.